Եգիպտոսի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի հատուածէն պաղեստինցի փախստականները Եգիպտոս, Յորդանան եւ արաբական այլ երկիրներ տեղափոխելու առաջարկը՝ յայտարարելով, որ կ՚աջակցին «պաղեստինցի ժողովուրդի հաստատուն գոյութեան իր հողին վրայ»:
«Մեր դիրքորոշումն է չընդունիլ պաղեստինցիներու վտարումը, եւ այն անփոփոխ է»,- ընդգծած Է Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման ալ-Սաֆատին:
Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը նշած է, որ նման քայլը պիտի ըլլայ «կարմիր գիծերու բացայայտ հատում»։ «Մեր ժողովուրդը պիտի մնայ անդրդուելի եւ պիտի չլքէ իր հայրենիքը»,- ընդգծուած է անոր յայտարարութեան մէջ։
Պաղեստինեան արմատական իսլամիսթական «Համաս» շարժումն ալ համոզուած է, որ Թրամփ պէտք է դադրեցնէ այնպիսի առաջարկներ ընել, որոնք կը հակասեն Պաղեստինի ժողովուրդի իրաւունքներուն։
AP գործակալութիւնը աւելի վաղ յայտնած էր, որ, Թրամփի կարծիքով, հնարաւոր է Կազայի հատուածէն բաւականաչափ պաղեստինցիներ դուրս բերուին՝ «պարզապէս կարգուկանոն հաստատելու» համար պատերազմէն աւերուած տարածքներուն մէջ: