Անցեալ հինգշաբթի օր Լիբանանի պետական համալսարանի Արուեստներու բաժնի ուսանողներուն համար ծանր օր եղած է, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, խումբ մը ուսանողներու մօտ ուշագնացութեան, ինչպէս նաեւ սրտխառնուքի դէպքեր արձանագրուած են, որուն պատճառը թմրանիւթ պարունակող տուրմերն են:
Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանութեան աշխատակիցները պարզած են, որ խումբ մը ուսանողներու առողջական վիճակի կտրուկ վատթարացման պատճառ հանդիսացած են տուրմի այն կտորները, որոնք վերջիններուս հիւրասիրուած են, որպէս նոր տեսակի արտադրութեան գովազդ:
Հիւանդանոց տեղափոխուած ուսանողներու քննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ տուրմերը պարունակած են թմրանիւթ:
Ոստիկանութիւնը համալսարանի տեսախցիկներուն միջոցով կարողացած է պարզել թմրանիւթի վաճառականներու հետ առնչութիւն ունեցող անձի ինքնութիւնը: Ան վերջերս յաճախ նկատուած է համալսարանի շէնքին մէջ, հակառակ անոր, որ համալսարանի ուսանողներէն չէ:
Ոստիկանութիւնը շեշտած է, որ նման արարք առաջին անգամ չէ, որ կը նկատուի համալսարաններու կամ դպրոցներու մէջ: Թմրանիւթերու վաճառականները յաճախ կը դիմեն նման քայլի, փորձելով ուսանողներուն մօտ թմրանիւթի կախուածութիւն առաջացնել, այնուհետեւ իրենց «ապրանք»ը առաջարկել: