image

Սուրիահայ Աբրահամ Փիլիպոսեան կրակոցի զոհ Ժըպէյլի մէջ

Սուրիահայ    Աբրահամ Փիլիպոսեան կրակոցի   զոհ Ժըպէյլի մէջ

Լիբանանեան  ծովեզերեայ  Ժիպէյլ շրջանին  մէջ, երէկ   երեկոյեան սուրիահայ մը զոհուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը  ստացանք «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ  Աբրահամ Յովակիմ  Փիլիպոսեան զոհ  գացած է  շրջանին մէջ  եղած   կրակոցին: Կը հաղորդուի, թէ  38-ամեայ քաղաքացի մը, որ  կրակ  կը բանար  փողոցային շուներու վրայ,   վիրաւորած է   դիպուածով հոն գտնուող  Փիլիպոսեանը, որ   ծանրօրէն վիրաւորուելէ  ետք  տեղւոյն վրայ  մահացած է: Սպանեալին դին փոխանդրուած է    «Ալ Մահունաթ» հիւանդանոց, իսկ   տեղի  ոստիկանութիւնը     յայտարարած է  նախնական  հետաքննութիւն  կատարելու մասին:   Ըստ մեր աղբիւրին, դէպքը եղած է Ժըպէյլի  հայկական թաղամասին  մէջ: