image

Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան միանալ Աբրահամեան Խաղաղութեան համաձայնագրերուն․ Ուիթքոֆ

Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան միանալ Աբրահամեան Խաղաղութեան համաձայնագրերուն․ Ուիթքոֆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը յայտարարած է, որ Լիբանանը, Սուրիան, Լիպիան, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կրնան միանալ խաղաղութեան Աբրահամեան համաձայնագրերուն։ Այս մասին Ուիթքոֆը յայտնած է breitbart-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրնան միանալ Աբրահամեան Խաղաղութեան համաձայնագրերուն։ Մենք կը կարծենք, որ շատ, շատ մօտ ենք այդ երկիրներու միջեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման», –ըսած է Ուիթքոֆը։

Ուիթքոֆի խօսքով՝ «մօտ ապագային հնարաւոր է Լիբանանի եւ նոյնիսկ Սուրիոյ կողմէ յարաբերութիւններու նորմալացում»։ Ան նշած է, որ երկու երկիրներէն արձագանգները եղած են «դրական»։

Ան ընդգծած է, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է նախագահ Թրամփի համար։

«Նախագահը կը հաւատայ ատոր։ Այդ կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան։ Մենք կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։ Ես վստահ եմ, որ առաջիկայ քանի մը ամիսներուն կրնայ եւս չորս, հինգ կամ վեց երկիր միանալ Աբրահամեան Խաղաղութեան համաձայնագրերուն»,- նշած է Ուիթքոֆը։