image

Հալէպահայ զինուոր մը առեւանգուած է «Ալ Հըքմէ» վարժարանին մօտ. Աղբիւր

Հալէպահայ զինուոր մը առեւանգուած  է «Ալ Հըքմէ» վարժարանին  մօտ. Աղբիւր

 Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հալէպահայ զինուոր մը առեւանգուած է:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 2 հայ զինծառայողներ (որոնց անունները խորհրդապահաբար չենք հրապարակեր) «Ալ Հըքմէ» վարժարանին մօտ եղած թէժ մարտերէն ետք վիրաւորուած են: Մինչ վիրաւորեալներէն մին փոխադրուած է հիւանդանոց, երկրորդ հայ զինուորին ճակատագիրը կը շարունակէ  մնալ անյայտ: Յիշեցնենք, որ  «Ալ Հըքմէ» վարժարանը կը գտնուի «Հայ Ալ ռաշիտին» հատուածին մէջ: