image

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն յայտնած են, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր՝ 19 մայիսին կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը:

Մայր Աթոռը յայտնած է, որ այս տօնը առաքեալներուն վրայ Ս. Հոգիի իջման յիշատակութեան Տօնն է, որ տեղի ունեցած է Ս. Յարութեան յիսուներորդ օրը: Այդ պատճառով ալ Հոգեգալուստը միշտ կը տօնուի Զատիկէն յիսուն օր յետոյ: Սուրբ Հոգին Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերէն մէկն է, հաւասար Հօր եւ Որդւոյն: