image

Լեհաստանի մէջ ամերիկեան ռազմակայան բացուած է

Լեհաստանի մէջ ամերիկեան ռազմակայան բացուած է

«Քրաքով Պալիցէ» միջազգային օդակայանին մօտ բացուած է Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու ուժերու Miron Camp ռազմակայանը՝ յայտնած է Քրաքովի մօտ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր հիւպատոս Էրին Նիքերսըն, որ ներկայ եղած է ռազմակայանի բացման արարողութեան:

Անոր խօսքով՝ այդ ռամակայանը հերթապահական է ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու ուժերուն համար։ «Այդ կը նշանակէ մշտական փոխգործակցութիւն լեհական եւ ամերիկեան յատուկ նշանակութեան ուժերուն միջեւ»,- ըսած է Նիքերսըն, ան աւելցուցած է, որ ռազմակայանին մէջ տեւական պիտի գտնուի 100-150 ամերիկացի զինուորական՝ հերթապահութեան կարգով։

Miron Camp-ը դարձած է Միացեալ նահանգներու յատուկ ջոկատայիններու ամենաարեւելեան ռազմակայանը Եւրոպայի մէջ: