Հայրենի պատմաբան՝ Յարութիւն Խուտանեանի էջէն կը կարդանք՝
Խստակեաց քաղաքաբնակներ էին, իմ Ուրֆացի պապերը։ Կը սիրէին թունդ ծխախոտ, կծու կերակուրներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին Ուրֆա քեպապն է, եւ ի հարկէ սուրճը։ Կ'ապրէին քիւրտերու ու ասորիներու, թուրքերու, հրեաներու, արաբներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ մէկ բազմամշակութային քաղաքի մէջ։ Կը խօսէին քանի մը լեզուներով։ Հայ բնակչութիւն ու թաղամաս ունեցող եզակի բնակավայրերէն է, որ աչքի ինկած է թուրքերուն դէմ տարած հերոսամարտով։ Ուրֆացիները եղած են տաքարիւն եւ ռազմատենչ, ազատ ոգիով եւ աննկուն։ Սակաւաքանակ ըլլալով՝ հերոսաբար կռուած ու դիմադրած են օսմանեան թուրքերուն ու քիւրտերուն։ Այդ ալ դեռ այն պարագային, երբ սասունցիներուն ու զէյթունցիներուն պէս լեռներ չեն ունեցած, ընդամէնը մէկ թաղամաս, ուր ալ հաւաքուած են ու մինչեւ վերջ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած ։ Մեծ կորուստներ պատճառած են օսմանցի թուրքերուն ու քիւրտերուն, որոնց օգնութեան հասած են գերմանացի թնդանօթաձիգները՝ զէնքի փողը նշանակէտին ուղղելով։ Ուտող-խմող, քէֆ-ուրախութեամբ ապրող մարդիկ եղած են, սիրած են ուտ նուագել։ Ըլլալով պատմական Հայաստանէն դուրս՝ ուրֆացի հայերը ուրոյն մշակութային աւանդոյթներ կրողները եղած են։