image

Զօր. Կամօ Քոչունց պիտի կատարէ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի պետի պարտաւորութիւնները

Զօր. Կամօ Քոչունց  պիտի կատարէ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի պետի  պարտաւորութիւնները

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները դրուած է ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցի վրայ: Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ՊՆ-ի ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի նշանակման համար հարց դրուած էր երկու թեկնածուի՝ ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Կամօ Քոչունցի եւ Առաքել Մարտիկեանի:

Աւելի վաղ, Փետրուար 24-ին, Արտակ Դաւթեան ազատուած էր ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն: Նոյն օրը Գլխաւոր շտաբէն ներս տեղի ունեցած էին անձնակազմային շարք մը այլ փոփոխութիւններ՝ ազատումներ ու նշանակումներ: