image

Զմմառու Վանք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման Սուրբ Պատարագ. Պատարագած է Վանքի Փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

Զմմառու Վանք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման Սուրբ Պատարագ. Պատարագած է Վանքի Փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

Օրերս Զմմառու Վանքին մէջ տեղի մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առթիւ։

Պատարագած է եւ օրուայ խորդհուրդը փոխանցած Վանքի Փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

 Ստորեւ  ատոր մասին  «Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնը՝

Զմմառու Վանք. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման Սուրբ Պատարագ. Պատարագած է Վանքի Փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

 

Կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախքան Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած սրբադասման արարողութիւնը, Զմմառու մայրավանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ` հոծ բազմութեան ներկայութեան, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:

Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Զմմառու մայրավանքի հիմնադիրին եւ հիմնադրութեան, նաեւ այնտեղ ծաւալած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան: Այնուհետեւ մասնաւորաբար խօսեցաւ կարգ մը ականաւոր միաբաններու կատարած աստուածահաճոյ գործերուն մասին` վեր առնելով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքն ու նահատակութիւնը:

Հայր Նարեկ իր քարոզը եզրափակեց գոհութիւն եւ փառաբանութիւն մատուցելով Աստուծոյ, որ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան շնորհեց միաբան սուրբ մը` մայրավանքը վերածելով սրբավայրի:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած պաստառներու վրայ Հռոմէն ուղիղ կապով հեռարձակուեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին մէջ տեղի ունեցած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութիւնը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր սուրբին վարքը:

Ապա «Կռունկ» երգչախումբի կատարողութեամբ հնչեց «Բազմաչարչար» շարականը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:

Աւարտին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Ձեռաց խաչով հաւատացեալները օրհնութիւն ստացան եւ համբուրեցին սուրբին մասունքը:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք մայրավանքի դահլիճի մէջ Նարեկ վրդ. Լուիսեանն ու վարչական հայրերը ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները, եւ հաւատացեալներուն շնորհուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերը իր աղօթքով: