image

Ժուլիան Ասանժ նոպէլեան մրցանակի թեկնածու

Ժուլիան Ասանժ նոպէլեան մրցանակի թեկնածու

WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ առաջադրուած է Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի՝ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ մամուլի ազատութեան համար պայքարի համար:

Եւրոխորհրդարանի գերմանացի պատգամաւոր Մարթին Սոնենպորն պատասխանած է Ասանժի գործընկեր Սթելլա Մորիսի դիմումին` թեկնածութիւններու ներկայացման վերջնաժամկէտէն առաջ:

«Ժուլիան Ասանժը եզակի եւ անհերքելի ներդրում ունեցած է խաղաղութեան գործին մէջ` վերացնելով պատերազմի մշուշը», ըսած է Մորիս, կոչ ընելով աջակցելու լրագրողին, որ տակաւին բանտարկուա է Պելմարշի խիստ հսկողութեան տակ եղող բանտին մէջ:

Իր կարգին, Սոնենպորն ըսած է, որ առաջադրած է Ասանժի թեկնածութիւնը «Մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ մամուլի ազատութեան  պայքարի համար»:

Իր ուղերձին մէջ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը նշած է, որ կը վերադարձնէ 2012 թուականի Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը, որ «սխալմամբ» շնորհուած է Եւրոմիութեան` «Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան, հաշտութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յառաջխաղացման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար»:

Իր հերթին, միջազգային մրցանակը շնորհող Նորվեկիոյ Նոպէլեան հիմնարկը հաստատած է, որ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի թեկնածութիւնը յաջողութեամբ կատարուած է:

Անցեալ տարի Նոպէլեան յանձնաժողովը քննադատութեան ենթարկուեցաւ «բացթողման մեղքի» համար, երբ չկրցաւ Ասանժը նշել որպէս համատեղ դափնեկիր՝ լրագրողներ Մարիա Ռեսսա եւ Տմիթրի Մուրատովին շնորհուած խաղաղութեան մրցանակին:

Սակայն Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի յանձնաժողովի նախկին ղեկավար եւ Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ Թորպըրկ Եակլանտ ըսած է, որ մրցանակը «պէտք է աւելցնէ ճնշումը` Ասանժը ազատ արձակելու եւ Էտուարտ Սնոուտընին ներում շնորհելու պահանջով»:

Նշենք, որ Ասանժը կրնայ 175 տարուայ բանտարկութեան ենթարկուիլ ԱՄՆ-ի մէջ, համաձայն այսպէս կոչուած «դաժան լրտեսութեան օրէնք»ի, բացայայտելէ ետք Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ եւ այլուր կատարուած յանցագործութիւններն ու վայրագութիւնները: Մինչ մամուլի ազատութեան խմբակցութիւննը կ'ըսեն, որ Ասանժ կ'ենթարկուի «քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդման»` աշխարհի հարուստ եւ հզօր դասակարգերուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակելու պատճառով: