Հայ մասնագէտներու ներկայութիւնը այս տարի եւս յստակ կերպով զգալի կը դառնայ ամերիկեան հեռատեսիլի աշխարհին մէջ։ Ահաւասիկ Ամերիկայի Հեռատեսիլի ակադեմիան հրապարակեց 78-րդ «Էմմի» մրցանակաբաշխութեան թեկնածուներու ցանկը, ուր ստեղծագործական արուեստներու բաժնի մէջ առաջադրուած են չորս հայ արուեստագէտներ՝ Քիմ Խաչուկեան, Լուի Զաքարեան, Փէկի Թաշճեան եւ Ռազմիկ Գարագաշեան։
Անոնց թեկնածութիւնները կը վերաբերին ամերիկեան հեռատեսիլի ամէնէն յաջող եւ լայն դիտողականութիւն վայելող յայտագիրներուն՝ «Սաթըրտէյ Նայթ Լայվ», «Հէքս» եւ «Սըրվայվըր», ուր հայ մասնագէտները կարեւոր ներդրում կը բերեն իրենց ստեղծագործական ու արհեստագիտական աշխատանքով։
Բեմայարդար Քիմ Խաչուկեան առաջադրուած է «Լաւագոյն արտադրութեան ձեւաւորում» անուանակարգին մէջ՝ «Սաթըրտէյ Նայթ Լայվ»ի Ճէք Պլէքի մասնակցութեամբ պատրաստուած դրուագին համար։ Ան շուրջ տասը տարիէ ի վեր կը ստանձնէ յայտագրի նախապէս նկարահանուող բաժիններու բեմային ձեւաւորումը եւ նոյն անուանակարգին մէջ «Էմմի» մրցանակի արժանացած էր նաեւ 2024-ին։
Նոյն յայտագրի դիմայարդարման բաժնի ղեկավար Լուի Զաքարեան առաջադրուած է «Լաւագոյն դիմայարդարում» անուանակարգին մէջ՝ Պատ Պաննիի մասնակցութեամբ պատրաստուած դրուագին համար։ Զաքարեան որ բազմիցս դարձած է «Էմմի» մրցանակակիր, երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ «Սաթըրտէյ Նայթ Լայվ»ի դիմայարդարման խումբը եւ իր մասնագիտական գործունէութիւնը տարածած է նաեւ բազմաթիւ շարժանկարներու ու Պրոտուէյի բեմադրութիւններու վրայ։
«Հէքս» հեռատեսիլի շարքի խմբագիր Փէկի Թաշճեան առաջադրուած է «Լաւագոյն պատկերի խմբագրում՝ կատակերգական շարքի համար» անուանակարգին մէջ՝ «Տհը Քիւպ» դրուագի աշխատանքին համար։ Թաշճեան որ աւելի քան երկու տասնամեակի փորձառութիւն մը ունի, անցեալ տարի արդէն արժանացած էր «Էմմի» մրցանակի՝ «Մոնսթըրս. Տհը Լիլ ընտ Էրիք Մէնէնտէզ սթորի» ժապաւէնի խմբագրման համար։
Իսկ Ռազմիկ Գարագաշեան կը հանդիսանայ «Սըրվայվըր» իրապատումային յայտագրի խմբագրական խումբի անդամ։ Այս բնագաւառին մէջ խմբագիրներու աշխատանքը կը պահանջէ բազմաթիւ ժամերու նկարահանումները վերածել ամբողջական եւ հետեւողական պատմութեան։
Հայ մասնագէտներու այս չորս թեկնածութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն որ ամերիկահայ ստեղծագործողները ամուր տեղ կը գրաւեն Ամերիկայի հեռատեսիլի արդիւնաբերութեան մէջ։ Թէեւ անոնց աշխատանքը մեծ մասամբ կը կատարուի տեսախցիկներու եւ բեմերու ետին, սակայն մասնագիտական վարպետութիւնն է, որ մեծապէս կը նպաստէ հեռատեսիլային արտադրութիւններու բարձր որակին եւ յաջողութեան։ 78-րդ «Էմմի» մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր հանդիսութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 14 Սեպտեմբերին, մինչ ստեղծագործական արուեստներու մրցանակները պիտի յանձնուին 5 եւ 6 Սեպտեմբերին։