image

Ժիրայր Սէֆիլեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն կանչուած է

Ժիրայր Սէֆիլեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն կանչուած է

Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռի խորհուրդի անդամ Ժիրայր Սէֆիլեանը, 6 նոյեմբերին, հրաւիրուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն։ Այդ մասին յայտնած է Բեւեռի մամուլի ծառայութիւնը։

Ըստ աղբիւրի՝ հարցաքննութեան առիթը նոյեմբեր 2-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ հրապարակուած տեսանիւթն է։

Նոյեմբեր 2-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած էր, որ բացայայտուած է նախնական համաձայնութեամբ, խումբի կազմի մէջ ահաբեկչութեան նախապատրաստութիւն կատարելու դէպք:

Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ Խուզարկութիւններու շնորհիւ յայտնաբերուած գրառումներու եւ այլ նիւթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած էր, որ նախապատրաստուող ահաբեկչական գործողութիւնը կրած է «Հիւսիսային տերեւաթափ» անուանումը, որու յաջող իրականացման եւ այնուհետեւ՝ ահաբեկչական գործողութիւններուն աւելի լայն զանգուածներ ներգրաւելու դիտաւորութեամբ նախապէս ծրագրուած է ստեղծել ուքրանական, մոլտովական թելեկրամեան ալիքներ՝ «Ազգային փրկութեան ապստամբութիւն» անուանումներով, ահաբեկչական գործողութիւնները սկսելու նախորդ օրը՝ գիշերային ժամերէն սկսած՝ աշխուժացնել թելեկրամեան ալիքները եւ աքթիւիսթները: Ընդ որում, ըստ հրապարակուած գրառումներու՝ այդ աքթիւիսթները պէտք է ըլլային Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռէն։