image

Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակին՝ ձեռնարկ եւ շնորհանդէս

Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակին՝ ձեռնարկ եւ շնորհանդէս

 Օրերս Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ մտաւորական եւ մատենագէտ, շուրջ  տարի մը առաջ իր աչքերը  յաւերժին փակած՝ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ։

 «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով ձեռնարկը կազմակերպուած է ԹՄՄ-ի կողմէ, ուր պիտի հնչեն յաւուր պատշաճի խօսքեր եւ պիտի ներկայացուի Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի խմբագրած՝ «Անկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեան» խորագրեալ հատորը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ձեռնարկը պիտի կայացուի յառաջիկայ 26 յուլիսին Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն»էն ներս։