image

Ժամանակն է կեանքի կոչել Թուրքիոյ հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները. Միրզոյեան

Ժամանակն է կեանքի կոչել Թուրքիոյ հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները. Միրզոյեան

Ժամանակն է կեանքի կոչել Թուրքիոյ հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Թալլինի մէջ էսթոնացի գործընկերոջ` Մարկուս Ցահքնայի հետ համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ այս յայտարարութիւնն ըրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Ան նշած է, որ գործընկերոջ ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները եւ ՀՀ յարաբերութիւնները հարեւաններու հետ։

«Թուրքիոյ հետ Հայաստանը պատրաստ է ամբողջովին վերականգնելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, բանալ սահմանները եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները։ Մենք արդէն յստակ համաձայնութիւններ ունինք՝ բանալու ՀՀ-Թուրքիա սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ ՀՀ–ի ու Թուրքիոյ դիւանագիտական անձնագրերով քաղաքացիներու համար։ Կը կարծեմ՝ ժամանակն է կեանքի կոչել այդ համաձայնութիւնները»,– յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնենք, որ յունիս 25-ին Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Կողմերը քննարկած են երկկողմ օրակարգի հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ: Այս տարուան մարտին նախարարները բանակցութիւններ վարած էին Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական համաժողովի շրջածիրէն ներս։