image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքիին եւ Փութինին՝ Անգարայի մէջ հանդիպելու հրաւէր

Զելենսքիին եւ Փութինին՝ Անգարայի մէջ հանդիպելու հրաւէր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Քիեւի մէջ իր ուքրանացի գործընկեր Վլատիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն յետոյ վերահաստատած է, որ Անգարան պատրաստ է ընդունելու Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ առաջնորդներու հանդիպումը:

«Ես կրկին կը յայտնեմ Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը` հիւրընկալելու Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ առաջնորդները», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ ղեկավարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալին աւելի վաղ յայտնած էր, որ Էրտողանը հրաւիրած է Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Փութինը եւ Զելենսքին` քննարկելու եւ լուծելու տարաձայնութիւնները:

«Թուրքիան պատրաստ է  նաեւ ընդունելու եւ հարցը  լուծելու ԷԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ», յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: