image

Զելենսքի․ «Ուքրանիան պատրաստ է Ռուսաստանի հետ բանակցելու»

Զելենսքի․ «Ուքրանիան պատրաստ է Ռուսաստանի հետ բանակցելու»

«Պաշտօնական Քիեւը պատրաստ է Ռուսաստանի հետ բանակցելու որեւէ ձեւաչափով», ԵՄ «Արեւելեան գործընկերութեան» համաժողովի աւարտին, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Ուքրանական կողմին մէջ առկայ է որեւէ ձեւաչափով բանակցելու կամքը։ Մենք բաց ենք բանակցութիւններու համար։ Առայժմ, սակայն, կամքի բացակայութիւն նկատելի է հակառակ կողմը: Ռուսերը մեզի հետ չեն ցանկար բանակցիլ՝ որեւէ ձեւաչափով», յայտնած էր Զելենսքին։

Ուքրանիոյի նախագահին խօսքով` պրիւքսէլեան քննարկումներու ընթացքին ԵՄ շարք մը երկիրներ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու պատրաստակամութիւն յայտնած են։

«Անոնք, սակայն, պէտք է սահմանուին մինչեւ հակամարտութեան մեկնարկը։ Երբ պատժամիջոցները կը հաստատուին հակամարտութեան մեկնարկէն յետոյ, անոնք անիմաստ կը դառնան», յայտարարած է Զելենսքին։