image

Զելենսքի պաշտօնանկ ըրած է երկրի Պաշտպանութեան նախարարը եւ նշանակած ուրիշ մը

Զելենսքի պաշտօնանկ ըրած է  երկրի Պաշտպանութեան նախարարը եւ նշանակած ուրիշ մը

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հաստատած է Ալեքսէյ Ռեզնիքովը Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն ազատելու փաստը, յայտնած է «ՌԲԿ-Ուքրանիա»ն՝ վկայաբերելով Զելենսքիի տեսաուղերձը։

«Այս շաբաթ խորհրդարանին պիտի առաջարկուի նաեւ քատրային որոշում կայացնել։ Ես հիմա կ'ուզեմ այդ որոշակիացնել։ Որոշեցի փոխել Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարը։ Ալեքսէյ Ռեզնիքովն անցաւ լայնամաշտապ պատերազմի աւելի քան 550 օրուան մէջէն։ Կը կարծեմ, որ նախարարութեան անհրաժեշտ են նոր մօտեցումներ եւ փոխգործակցութեան այլ ձեւաչափեր ինչպէս զինուորականներու, այնպէս ալ ողջ հասարակութեան հետ»,- ըսած է ան։

Ըստ Ուքրանիոյ նախագահի, նախարարութիւնը պէտք է ղեկավարէ Ռուսթեմ Ումերովը։

«Ուքրանիոյ Գերագոյն խորհուրդը լաւ կը ճանչնայ այս մարդը, եւ պարոն Ումերովը լրացուցիչ ներկայացման կարիք չունի։ Կ'ակնկալեմ, որ խորհրդարանը կը պաշտպանէ այս թեկնածութիւնը»,- աւելացուցած է ան: