Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ցուցադրած է Քիեւի կեդրոնի վրայ ռուսական կողմի հրթիռային յարձակման հետեւանքները։ Ան տեսանիւթ հրապարակած է Telegram-ի էջին։
Անոր խօսքով՝ լայնամաշտապ պատերազմի 229-րդ օրը ռուսերը կը փորձեն ոչնչացնել ուքրանացիները ու ջնջել երկիրը երկրի երեսէն։
«Անոնք կը փորձեն ոչնչացնել մեր մարդիկը, որոնք Զապորոժիէէի մէջ տունը քնացած են, սպանել՝ մարդոց, որոնք աշխատանքի կ'երթան Տնեպրի եւ Քիեւի մէջ»,- գրած է Զելենսքին։
Երկրի ղեկավարն ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ մէջ կը շարունակուի օդային տագնապը, կան հրթիռային հարուածներ, զոհեր եւ վիրաւորներ։ Ան յորդորած է չլքել ապաստարանները:
Ուքրանիոյ մէջ ներքին գործոց նախարարի խորհրդական Անթոն Կերաշչենքոյի խօսքով՝ Քիեւի հրթիռակոծութեան հետեւանքով հարիւր հազարաւոր մարդիկ իջած են մեթրօ, որպէսզի գտնուին ապահով վայրի մէջ: