image

Զաւէն Խանճեանի շնորհիւ ընթերցողները պիտի ծանօթանան «Նոր հայ» թերթին

Զաւէն Խանճեանի շնորհիւ ընթերցողները պիտի ծանօթանան «Նոր հայ» թերթին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն, գրող, հրապարակախօս, սփիւռքահայ հասարակական, կրթական, եկեղեցական գործիչ Զաւէն Խանճեանի շնորհիւ Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողները այսուհետեւ հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու 1982-1984 թուականներուն Կլենտէյլի մէջ լոյս տեսած «Նոր Հայ» շաբաթաթերթին։  Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանի ազգային գրադարանէն:

Շաբաթաթերթի հրատարակիչն էր Սարգիս Մաճառեանը, թերթը անդրադարձած է հայութեան ամենակարեւոր խնդիրներուն, հրատարակած Հայաստանի եւ սփիւռքի լուրերը: 
Պարբերականի 4 լրակազմերը Զաւէն Խանճեանի եւ Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ հիւպատոս պարոն Արմէն Պայպուրտեանի ջանքերով տեղափոխուած են Հայաստանի ազգային գրադարան եւ թուայնացուած, թուային տարբերակը տեղադրուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի  «Հայ մամուլ» շտեմարանին մէջ։