image

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-եան 37-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, Եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթին 49-րդ Տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-եան 37-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, Եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթին 49-րդ Տարեդարձը (Լուսանկարներ)

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-եան 37-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, Եւ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթին 49-րդ Տարեդարձին Նշումը Տեղի ունեցան Մոնթրէալի Մէջ Հոկտեմբեր 5-ի Շաբաթավերջին Վերաշխոյժացած՝ Խանդավառ Մթնոլորտի Մը Մէջ։

 

Բացառիկ ոգեւորութեան եւ խանդավառութեան  մթնոլորտի մը մէջ է որ Հիւսիսային Ամերիկայի չորս ծագերէն եկած աւելի քան քառասուն պատգամաւորներու մասնակցութեամբ՝ Հոկտեմբեր 4-5 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի Թ.Մ. Մ.-եան  կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թ.Մ.Մ.-ի 37-րդ պատգամաւորական ժողովը եւ նաեւ նշուեցաւ «ԱՊԱԳԱՅ»՝ Գանատահայ առաջին շաբաթաթերթին 49-րդ տարեդարձը:

Ֆիզիքական ներկայութեամբ պատգամաւորական ժողովներու շարքին վերջինը տեղի ունեցած էր 2019-ին Պոսթոնի մէջ: Անկէ ետք Covid-ի եւ յաջորդող տարիներուն, միայն  Zoom-ով կատարուած էին հաւաքները:

Այսպէս ուրեմն, Ուրբաթ՝ 4 Հոկտեմբեր 2024-էն սկսեալ Ամերիկայի չորս ծագերէն Մոնթրէալ ժամանեցին տարբեր մասնաճիւղերէն՝ Լոս Անճելըսէն, Տիթրոյթէն, Ուաշինկթընէն, Ֆիլատելֆիայէն, Նիւ Ճըրզիէն, Նիւ Եորքէն եւ Պոսթոնէն բազմաթիւ պատգամաւորներ եւ հիւրեր, որոնք Ուրբաթ երեկոյեան հիւրասիրուեցան Մոնթրէալի Թէքէեանի գեղատեսիլ կեդրոնին մէջ, Մոնթրէալի վարչութեան եւ անդամներուն կողմէ, ջերմ մթնոլորտի մը  մէջ: Քանի մը տարիներէ ի վեր իրարու հանդիպելու պատեհութիւնը չունեցած բազմաթիւ անդամներ, առիթը ունեցան իրենց լուրերը փոխանակելու եւ կարօտը առնելու:

Շաբաթ առաւօտուն ժամը 9:30-ին, սկսաւ պատգամաւորական ժողովը կեդրոնին երկրորդ յարկի ժողովասրահին մէջ եւ տեւեց մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ը: Ժողովին կ'ատենապետէր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան շրջապատուած Կեդրոնական Վարչութեան անդամներով: Քառասունէ աւելի պատգամաւորներու մասնակցութեամբ նկատի առնուեցան օրակարգի բոլոր հարցերը: Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց վերջին տարիներու եւ յատկապէս 2023 տարուոյ զանազան գործունէութեանց տեղեկագիրը, իսկ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ներկայացուց իր յատուկ գործունէութեան հակիրճ տեղեկագիրը: 

Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը գործադրած է եւ կը շարունակէ գործադրել լայնածաւալ աշխարհատարած բազմերես, ազգանուէր գործունէութիւն մը, որ բացի Ամերիկայի եւ Գանատայի հայաշատ կեդրոններու մէջ կատարուած մշակութային եւ ընկերային լայն գործունէութենէն, կը կատարուի նաեւ ամբողջ Սփիւռքի եւ հայրենիքի տարածքին: Թ.Մ.Մ.-ը իր օգնութիւնը եւ օժանդակութիւնը կատարած է մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ծանրակշիռ զարգացումներուն առիթով, կատարելով աղէտեալներուն, ընտանիք առ ընտանիք՝ նիւթական ուղղակի օժանդակութիւն: Ան մանաւանդ կրթական բնագաւառին մէջ մասնաւոր օժանդակութիւն կատարած է Հայաստանի մէջ իր հովանաւորած չորս դպրոցներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն: Գիրքերու հրատարակութիւն եւ մշակոյթի գործիչները քաջալերող մրցանակաբաշխութիւններու կազմակերպելը քանի մը ուրիշ յատկանշական օրինակներն են իր կատարած գործունէութեանց:

Թէքէեանը լայն գործունէութիւն կը կատարէ մանաւանդ օժանդակելով հայ մամուլին՝ Հայաստանի «Ազգ», Պոսթոնի «Պայքար», Մոնթրէալի «Ապագայ», Յունաստանի «Նոր Աշխարհ», Լիբանանի «Զարթօնք», Պուէնօս Այրէսի «Սարտարապատ» եւ Պոսթոնի «The Armenian Mirror Spectator » հայկական անգլիատառ թերթերուն անխափան հրատարակութեան զօրավիգ կանգնելով:

Պատգամաւորական այս ժողովին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան երեք անդամներու մասնակի ընտրութիւնը: Ընտրուեցաւ՝ Լոս Անճելըսէն Արա Պապայեանը, իսկ վերընտրուեցան՝ Մոնթրէալէն Արթօ Մանուկեանը եւ Լոս Անճելըսէն Գարլ Պարտագճեանը: 

Ժողովի վերջաւորութեան՝ Ժողովականներու հաւաքական ներկայութեամբ եւ սրտի ջերմ խօսքերով, Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.եան Կեդրոնի մուտքին՝ Միութեան Մոնթրէալի Մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Նուպար Պապիկեան քողազերծումը կատարեց ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ Մէրի Սիմոնի կողմէ, Membre of the Ordre of Canada, Գանատայի քաղաքացիական բարձրագոյն շքանշանին տուչութեան նկարին: Տուչութեան պաշտօնական այս արարողութիւնը մեր գիտնական՝ Գանատահայ գաղութին հիմնական կազմակերպման մէջ, ինչպէս նաև համազգային բարձր վաստակ ունեցող ղեկավարին՝ տեղի ունեցած էր Հոկտեմբեր 22, 2023-ին ՝ Գանատայի Ընդհանուր Կառավարչին Օթթաուայի կեդրոնատեղի՝ Rideau Hall-ի մէջ: 

Երեկոյեան, կեդրոնին Արզումանեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի 49-րդ տարեդարձին եւ Ընդհ. Պատգամաւորական ժողովին նուիրուած՝ եզրափակիչ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը, աւելի քան երկու հարիւր պաշտօնական հիւրերու, նուիրատուներու, պատգամաւորներու եւ հասարակութեան ներկայութեամբ:

Այս ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը եւ հովանաւորութիւնը Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.Աբգար Եպս. Յովակիմեանին եւ Ն. Վ. Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին: Պաշտօնական սակայն ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող այս ձեռնարկին ընթացքին Առաջնորդ Հօր պատգամէն ետք խօսք առին ՝ Մոնթրէալի Միութեան վարիչ քարտուղարուհի հանդիսավար Տիկ. Սալբի Հալաճեան Մարկոսեանը, «ԱՊԱԳԱՅ» -ի երկարամեայ խմբագիր Պրն. Աւետիս Պագգալեանը, եւ Թ.Մ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը: Ապա,  կատարուեցաւ Սմսարեան բաժակի տուչութիւնը Թէքէեանի Լոս Անճելըս Մէթրօ մասնաճիւղին առ ի գնահատանք անցնող տարուայ իր աշխուժ գործունէութեան: Վերջապէս կատարուեցաւ պատուոյ արձանագրութեան մը յանձնումը Պրն. Աւետիս Ճիհանեանին որ եղած է երկար տարիներու Թէքէեանի Վարչութեան ատենապետ եւ գործօն անդամ, ինչպէս նաեւ ծառայած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ ծուխին եւ Գանատահայոց Թեմական խորհուրդին: Մանաւանդ ան նաեւ իր կարեւոր նիւթական օժանդակութիւնը բերած է Արցախի Թ.Մ.Մ.եան Բերձորի դպրոցին վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ նաեւ այս օրերուն կրթաթօշակներու բարձրօրէն գովելի ծրագիր մը հաստատած է օժանդակելու համար Հայաստանի մէջ համալսարանական իրենց կրթութիւնը շարունակող Հայաստանաբնակ  ուսանողներու:

Պաշտօնական այս ճաշկերոյթին վերջաւորութեան գործադրուեցաւ հայկական էսդրատային եւ ժողովրդական երգերու եւ նուագի բացառաբար յաջող համերգ մը: Երաժշտական այս հայաշունչ համերգին գեղարուեստական ղեկավարն էր սիրուած երաժշտագէտ Սամուէլ Քէօշկէրեանը: Բացառիկ կատարողութեամբ նուագախումբին երաժշտական ղեկավարն էր երիտասարդ տաղանդաւոր դաշնակահար Արտէն Արաբեան: Իրենց անսպառ եւ հմայիչ ձայներով մենակատարողներն էին, օփերայի հիանալի սօփրանօ երգչուհի եւ կարևոր առիթներով մեր բեմերուն վրայ յաճախ իր հրաշալի ձայնով ելոյթներ ունեցող Սաշա Ճիհանեանը, եւ մեզի համար իսկական յայտնութիւն մը հանդիսացած մանաւանդ աշուղական երգերու արտակարգ կատարողութեամբ թէնօր Սամուէլ Աշըգեանը: Ինչպէս միշտ նոյնպէս մեր ձեռնարկները ծաղկեցնող Սիլվա Ամատունին կ'ընկերակցէր իր հրաշալի հնչեղութեամբ կատարած ասմունքով: 

Այս տաղանդաշատ խումբը մեզ ուղղակի փոխադրեց Հայաստան: Դժուար եղաւ բաժնուիլ իրենցմէ մանաւանդ երբ իրենց երգացանկին վերջաւորութեան հնչեցուցին Էդգար Յովհաննիսեանի Երեւան Էրեբունին, ոտքի հանելով ամբողջ սրահը, ձայնակցելու համար իրենց, և վերջաւորութեան իրենց գնահատանքը յայտնելու պրաւօներով և երկար ծափահարութիւններով:

Այս շաբաթավերջը յաղթանակ մըն էր ի պատիւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին, ի պատիւ Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղին, եւ ի պատիւ մեր մշակոյթին : 

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Թէքէեանի ղեկավարութիւնը, անդամակցութիւնը եւ անոնց կողքին կանգնած գիտակից նուիրատուներու եւ բարեկամներու աշխարհատարած մեր լայն շրջանակը։

 

ԹՂԹԱԿԻՑ