image

Զարմանալի որոշում. Արգիլուեցաւ սեղանին վրայ աղաման դնել

Զարմանալի որոշում. Արգիլուեցաւ սեղանին վրայ աղաման դնել

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նախագիծ ներկայացուցած է, որով կ'առաջարկէ հանրային սնունդի վայրերուն մէջ արգիլել սեղանի վրայ աղամանի առկայութիւնը` առանց սպառողին կողմէ պահանջի ներկայացման:

E-draft.am-ում հանրային քննարկման ներկայացուած նախագիծին մէջ, մասնաւորապէս, կ'առաջարկուի սահմանել, որ hանրային սնունդի վայրերուն մէջ սեղանին վրայ առանց սպառողին կողմէ պահանջի ներկայացման աղամանի առկայութիւնը` կ'առաջացնէ տուգանքի նշանակում տնտեսվարողի նկատմամբ` սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի երեսնապատիկի չափով:

Ներկայացուած հիմնաւորման համաձայն` նախագիծիմ ընդունումը պիտի բերէ աղի օգտագործումը չարաշահող անձերու քանակի նուազեցմանը եւ, որպէս արդիւնք, պիտի բերէ ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններով հիւանդացութեան նուազեցման:

Հիմնաւորման մէջ նաեւ կը նշուի, որ համաձայն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան` կերակուրի աղին քանակը պէտք չէ գերազանցէ օրական 5 կրամը, մինչդեռ Հայաստանի մէջ անոր օգտագործման ծաւալը կրկնակի կը գերազանցէ սահմանուած շեմը: