image

Զարիֆ ներողութիւն խնդրեց, իր կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ

Զարիֆ ներողութիւն խնդրեց, իր կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ

 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆը ներողութիւն խնդրած է «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատ»ի «Ֆայլաք ալ քուտս» յատուկ ստորաբաժանման հրամանատար Քասեմ Սուլայմանիի մասին իր խօսքերուն համար: Այս մասին կը յայտնէ «Մեհր» գործակալութիւնը:

Խօսքը իրանցի տնտեսագէտ Սաիտ Լիլեազին տուած հարցազրոյցի մասին է, որմէ հատուածներու ձայնագրութիւններ յայտնուած էին լրատուամիջոցներուն մէջ: Մասնաւոր զրոյցի ժամանակ Զարիֆը քննադատած էր զօրավար Սուլայմանիին Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան հարցով աշխոյժ դերակատարում ունենալու, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ վարելու համար:

«Կը ցանկամ ընդգծել, որ իմ խօսքերը ոչ մէկ կերպ կը նուազեցնեն զօրավար Սուլայմանիի մեծութիւնը եւ անոր անփոխարինելի դերը Իրանի անվտանգութեան վերականգնման հարցով: Յոյսով եմ, որ Իրանի ժողովուրդը եւ յատկապէս Սուլայմանիի մտերիմները կը ներեն ինծի»,- ըսուած է ԱԳ նախարարի յայտարարութեան մէջ:  

Յիշեցնենք, որ զօրավար Սուլայմանին սպանուած է 3 Յունուար, 2020-ին Պաղտատի օդակայանի ուղղութեամբ ԱՄՆ օդուժի իրականացուցած օդային հարուածի հետեւանքով: