image

ԱՄՆ եւ Իրան մօտ ժամանակներս կրնան համաձայնագիր կնքել. Reuters

ԱՄՆ եւ Իրան մօտ ժամանակներս կրնան համաձայնագիր կնքել. Reuters

 

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը մօտ ժամանակներս կրնայ ձեռք բերուիլ, իսկ բանակցութիւնները կը գտնուին եզրափակիչ փուլի մէջ։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով անվտանգութեան ոլորտի փաքիստանեան աղբիւրի։

Անոր խօսքով՝ կողմերը առաջընթաց արձանագրած են քուլիսային դիւանագիտութեան շրջածիրէն ներս, իսկ յառաջիկայ հանդիպումը կրնայ աւարտիլ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումով։

Կ՚ակնկալուի, որ անկէ ետք 60 օրուան ընթացքին պիտի կնքուի լիարժէք համաձայնագիր։ Գործակալութիւնը կը գրէ, որ կողմերը արդէն հասած են սկզբունքային պայմանաւորուածութիւններու, մինչդեռ թեքնիք մանրամասնութիւնները պիտի համաձայնեցուին աւելի ուշ։

Դիւանագիտական շրջանակներու աղբիւրը Reuters-ին յայտնած է, որ առանցքային միջնորդական դեր կը խաղայ Փաքիստանի զինուած ուժերու հրամանատար Ասիմ Մունիրը, որ շաբթուան կէսերէն ի վեր բանակցութիւններ կը վարէ Թեհրանի մէջ եւ կրցած է առաջընթաց արձանագրել շարք մը բարդ հարցերու շուրջ։