image

Զարգացման Միջազգային դրամատունէն նոր վարկ՝ Հայաստանին

Զարգացման Միջազգային դրամատունէն նոր վարկ՝ Հայաստանին

Հայաստանի Հանրապետութեան ու Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ ստորագրուած է «Կանաչ, դիմակայուն եւ ներառական զարգացման քաղաքականութեան վարկ» պիւտճէի աջակցութեան վարկային համաձայնագիրը՝ 92,300,000 եւրօ արժողութեամբ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ելեւմուտքի նախարարութենէն։

Համաձայնագիրը ստորագրած են ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քարոլին Կեկինաթ:

Պիւտճէի աջակցութեան միջոցները պիտի ուղղուին «Հայաստանի Հանրապետութեան 2023 թուականի պետական պիւտճէի մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած պակասուրդի ֆինանսաւորման:

 Ծրագիրով նախատեսուած է իրականացնել հետեւեալ գործընթացները.

Կլիմայի փոփոխութեան մեղմացման եւ յարմարողականութեան խթանում եւ շրջակայ միջավայրի կառավարման համար կարգաւորող շրջանակի բարելաւում:

Հաւասարութեան ամրապնդում եւ մարդկային դրամագլուխի զարգացման խթանում:

Հակափտածութեան շրջանակի եւ արդարադատութեան ոլորտի արդիւնաւէտութեան բարձրացում։