Գիւմրիի Վարպետներու փողոցին մէջ կողք կողքի Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի թանգարաններն են: Երկու մեծերը, սակայն, հարեւանութիւն չըրին, Շիրազն իր յուշատուն-թանգարանին մէջ չէ հասցուցած ապրիլ, բայց յուշատուն-թանգարանը կահաւորուած է այնպէս, ինչպէս Շիրազը կ'ուզէր: Փոքր սրահին մէջ բանաստեղծի մահճակալն է, գրապահարաններն ու գրասեղանը, որուն անկիւնը միշտ դրուած եղած է «Նարեկը»: Իսկ գրապահոցներուն մէջ բանաստեղծի գործերն են ու անոր ընթերցած գրականութիւնը։
«Հայոց Տանթէականը» 20-րդ դարու ոճրագործութեան մասին է՝ Յովհաննէս Շիրազի լաւագոյն պոեմներէն մէկը: Այն բանաստեղծի կենդանութեան օրօք լոյս չտեսաւ: «Դատաստանամատեան» կամ «Հայոց Տանթէականը» խորհրդային տարիներուն գրականութեան արգիլուած նմուշներէն էր , ոչ միայն չէ թոյլատրուած տպագրել, այլեւ մասսայական խօսիլ կամ ընթերցել այն:
Թանգարանի ցուցանմուշներուն մէջ ներկայացուած է տարբեր տարիներու հրատարակութեան աւելի քան 10 գիրք: Այստեղ «Հայոց Տանթէականի» տպագրութիւններու անկիւն ալ կայ, ուր ցուցադրուած են նաեւ այնպիսի նմուշներ, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին պոեմի հետ:
Արհեստագիտական հնարաւորութիւնները, սակայն, թոյլ չեն տար այժմ լսել ընթերցումները։ Թանգարանի ֆոնտերուն մէջ են «Հայոց Տանթէականի» ձեռագրերը․ տարիներու ընթացքին խունացած էջերը պահպանուած են, մանր ու կոկիկ տառերով գրուած, բայց արդէն՝ դժուար ընթեռնելի: Քանի մը ամիս է՝ թանգարանի տնօրինութիւնը պոեմի ամբողջական տարբերակը կը թուայնացնէ:
Թուայնացման գործը թանգարանի ֆոնտապահին վստահուած է։ Կ'ըսէ՝ հեշտ չէ կարդալ բանաստեղծի ձեռագիրը, բայց կ'օգնէ մանակավարժի մասնագիտութիւնը, իսկ պոեմէն դուրս մնացած տողերը կը վերականգնէ գրականագէտ Սամուէլ Մուրատեանը:
«Հայոց Տանթէականի» ամբողջական տարբերակի թուայնացման, վերականգնման աշխատանքները պիտի աւարտին տարեվերջին, թանգարանի տնօրինութիւնը չուզեր շտապել, «Դատաստանամատեանը» բանաստեղծի այն գործն է, որուն վերականգնումը լուրջ մօտեցում կը պահանջէ: «Հայոց Տանթէականը» մէկ հատորեակով ընթերցողին կը հասնի յաջորդ տարի: