Մոնթէվիտէօ ապրող հայազգի լրագրող՝ Տիեկօ Գարամանուկեանը կարճ տեսանիւթ մը հրապարկելով անդրադարձած է «Քորոնա» համավարակի տարածման խնդրին։
Ան պատմած է այս օրերուն Ուրուկույէի մէջ տիրող դրութիւնը նշելով, որ ժողովուրդը մեծ թափով կը մասնակցի պատուաստման գործընթացներուն, նշելով նաեւ, որ իրենց մօտ կեանքը դանդաղօրէն կը վերադառնայ դէպի բնականոն հուն։
Ուշագրաւ է այն, որ Գարամանուկեան այս տեսանիւթը տարածած է մասնաւորապէս հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը եւ մեր հայրենակիցներուն մեծ թիւին անպատրաստակամ ըլլալը «Քովիտ»ի դէմ պատուաստ չըստանալու վերաբերեալ։
իակօ Գարամանուկեանի խօսքին ամբողջութիւնը կարող էք լսել ներքոդրեալ տեսանիւթով։