Ամման բնակող Անթոնի Գէորգ Գոճայեանը լաւագոյն դիրք գրաւած է Մալիզիոյ մէջ տեղի ունեցած UCMAS-ի մրցումերուն: Այս մասի «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Յորդանանէն:
Մեր աղբիւրին համաձայն, Անթոնին, որ վերջին երկու տարիներուն կը մասնակցի մտային հաշիւներու եւ ուշիմութեան միջազգային մրցումներուն, փայլուն արդիւնքներ գրանցած է անցեալ տարուան աւարտին Մալիզիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարին:
Անթոնի, որ այս մասին պատմած է յորդանանեան հեռատեսիլի մը կողմէ պատրաստուած ռեփորթաժի ընթացքին, նաեւ ըսած է, որ իր համար մեծագոյն երազ է դառնալ մանկաբոյժ, բուժելու համար բոլոր հիւանդ երեխաները:
Ան նաեւ ըսած է, որ ինք լաւագոյն արդիւնքները կը գրանցէ իր դասարանին մէջ, յատկապէս ուսողութեան առարկային մէջ:
Անթոնի նաեւ ըսած է, որ մտային հաշիւները իրեն համար հաճոյք են եւ այդ բոլոր հաշիւները կը կատարէ առանց հաշուիչ մեքենայի կամ թուղթի օգնութեան, այլ օգտուելով իր մտային կարողութիւններէն:
Յիշեցնենք, որ Ամմանի մէջ ապրող եօթամեայ պատանին նաեւ ուշադրութեան առարկայ է երկրի պետական եւ կրթական համակարգի պատասխանատուներու կողմէն:
«Արեւելք» այս առիթով յաջողութիւններ կը մաղթէ Անթոնիին, յուսալով որ ան կը շարունակէ իր փայլուն վերելքը: