image

Ըստ Պայրամովի «Ատրպէյճան պատրաստ է»

Ըստ Պայրամովի «Ատրպէյճան պատրաստ է»

Մայիս 13-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ելոյթ ունեցած է Տուշանպէի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը:

Ըստ Պայրամովի` այս առումով քայլերու ձեռնարկուած են խաղաղ համաձայնագրի բանակցային գործընթաց սկսելու ուղղութեամբ` ներառեալ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ազգային յանձնաժողովներու նախագահներու եւ ձեւաչափի որոշումը: