Եթէ այդ կախուած է Ռուսաստանէն, ապա պատերազմ չ'ըլլար, բայց Մոսկուան թոյլ պիտի չտայ անտեսելու իր շահերը անվտանգութեան ոլորտին մէջ: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` խօսելով պատերազմի հաւանականութեան մասին:
«Եթէ այդ կախուած է Ռուսաստանէն, ապա պատերազմ չ'ըլլար: Մենք պատերազմներ չենք ուզեր, բայց նաեւ թոյլ չենք տար կոպիտ յարձակումներ մեր շահերուն վրայ, թոյլ չենք տար, որ մեր շահերը անտեսուին», ըսած է Լաւրով:
Անոր խօսքով` Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու վերաբերեալ ԱՄՆ սպառնալիքները եւ անոնց հնարաւոր սահմանումը հաւասարազօր պիտի ըլլան յարաբերութիւններու խզման եւ Ուաշինկթընը այդ կը հասկնայ: