image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (15). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (15). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (15)

Աւելորդ յոգնակիներ (գ)

Որոշեալ գոյական (ա)

«Որոշեալ» կը կոչենք այն գոյականը, որուն վրայ աւելցած է ածական մը, դերանուն մը կամ խօսքի որեւէ ուրիշ մաս եւ ցոյց կու տայ այդ գոյկանին որեւէ մէկ յատկութիւնը. օրինակ՝ բարձր լեռ,  երկու մատիտ, այս տունը, կարուած հագուստ, ուշ աշուն եւ այլն:

--լեռ, մատիտ, տունը, հագուստ , աշուն որոշեալ գոյականներ են:

--բարձր ածականը, երկու թուականը, այս ցուցականը, կարուած դերբայը, ուշ մակբայը  որոշիչներ են:

Գոյականը որոշեալութիւն կը ստանայ նաեւ երբ անոր վրայ աւելցնենք սեռական հոլով յատկացուցիչ մը. օրինակ՝ Թորոսին գիրքը, Մարկոսին  մայրը, ծառին ճիւղը եւ այլն, ուր գիրքը, մայրը, ճիւղը այլ եւս ծանօթ առարկաներ են իրենց պատկանելութեամբ:

Միակի որոշեալի ու յատկացուցիչի օրինակներ բաւական տեսանք եւ սերտեցինք անոնց թուային յատկութիւնները:  Կացութիւնը տարբեր է, երբ գոյականը  իր վրայ կը կրէ մէկէ աւելի որոշիչ կամ յատկացուցիչ, այլ խօսքով՝ ունի բազմակի լրացումներ:

Օրինակ՝ 

--Բարի, առաքինի  ու վստահելի ընկեր մըն է ան:

--Անոր համին  ու հոտին  կարօտը կը քաշեմ:

                                                                               *   *   *

1.Բազմակի որոշիչ

Բազմակի որոշիչները կրնան այլազան յարաբերութեան մէջ գտնուիլ որոշեալ գոյականին հետ եւ այս այլազանութենէն ալ կը բխին յոգնականացումի զանազան պարագաներ:

ա)Երբ որոշիչները կազմուած են խօսքի տարբե՛ր մասերէ, որոշեալ գոյականը կրնայ դրուիլ եզակի կամ յոգնակի.  օրինակ՝

--մանկական այս առաջին ուրախ ճիչը (կամ ճիչերը)...

            --բժշկական  այսպիսի   մանրամասն քննութիւն մը (կամ քննութիւններ)...

Նկատել, որ որոշիչներուն միջեւ որեւէ  ստորակէտ չդրինք:

բ) Երբ որոչիչները խօսքի նո՛յն մասէն են, ըսենք՝ ածական են, տուեալ յատկանիշերը կրնայ իր վրայ   կրել՝

ա. Նո՛յն առարկան. օրինակ՝ հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր մանչ  մը...

Այստեղ նոյն մանչը իր մէջ կը խտացնէ տուեալ երեք յատկանիշերը:

բ.  Տարբեր առառրկաներ. օրինակ՝  հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր  մանչեր...

Խօսողը ի մտի ունի հեզ մանչ մը, խոնարհ մանչ մը, աշխատասէր մանչ մը...   

Բայց ահա բացառուած չէ, որ մէկէ աւելի անձերէն իւրաքանչիւրը իր մէջ միատե՛ղ կրէ յիշեալ երեք յատկանիշերը, եւ այս պարագային  դա՛րձեալ պիտի ըսենք. «Հեզ, խոնարհ ու աշխատասէր  մանչեր»,  այսինքն՝  ճի՛շդ բ.-ին պէս, քանի լեզուն  այս վերջինը բնորոշելու տարբեր՝ երրորդ իւրայատուկ  ձեւ մը չունի:

Այս ալ կը նշանակէ, որ լեզուն թերի է յարաբերաբար մտքին, որուն բոլոր կարիքնե-

րուն չի կրնար հասնիլ ան:

  1. Թանձրացական եւ վերացական հասկացութիւններ/առարկաներ

Թանձրացական կը կոչենք այն հասկացութիւնները/առարկաները, որոնք ըմբռնելի են մեր զգայարաններով՝ յատկապէս շօշափական, տեսողական, հոտառական. օրինակ՝  ծառ, գարուն,  բոյր ... 

Վերացական կը կոչենք այն հասկացութիւնները/առարկաները, որոնք ըմբռնելի չեն մեր զգայարանններով. օրինակ՝ կացութիւն, իմաստութիւն, երեւակայութիւն...

                                                        *   *   *

Երբ բազմակի որոշիչերուն որոշեալը թանձրացական է կամ այդպէս կ’ըմբռնուի, ապա ան սովորաբար կը դրուի յոգնակի. օրինակ՝

--Քարէն Եփփէ եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանները  մեր լաւագոյն դպրոցներէն էին:

--Մանմկական եւ վաղ պատանեկան յուշերս  տակաւին թարմ  են:

--Անյագօրէն կը ծծէր գարնանային ու աշնանային բոյրերը:

--Լիբանանեան եւ պաղեստինեան ճակատները վերստին բռնկեցան:

Իսկ երբ որոշեալը վերացական է,  լեզուն  հակամէտ է եզակի կիրարկելու. օրինակ՝

--Ժողովականները  քննարկեցին լիբանանեան եւ պաղեստինեան կացութիւնը:

--Մօրենական ու հօրենական գուրգուրանքէն զրկուեցաւ:

Այս վերջինը շատ ծանր պիտի հնչէր, եթէ ըսէինք՝ գուրգուրանքներէն:

--Միայն իրարհասկացողութիւնը կ’երաշխաւորէ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ խաղաղութիւնը:

--Պէտք է վերջ տալ այս գիւղերուն մէջ տիրող լարուածութեան:

Հակառակ անոր, որ ամէն գիւղ ունի իր լարուածութիւնը,  գրողը խուսափած է  լարուածութիւնները ըսելէ՝  առաջնորդուելով այս բառին բարձր վերացականութենէն:

Ուրիշ բան է, անշուշտ, եթէ ըսէինք՝ 

--Պէտք է վերջ տալ այս գիւղերու միջեւ տիրող լարուածութեան:

Ուր յստակօրէն կ’ակնարկուի մէ ՛կ միասնական  լարուածութեան:

                                                                 *   *   *

Մեր լեզուն նոյն մօտեցումով կը շարժի, բազմակի կամ յոգնակի յատկացուցիչ-ներու պարագային: Այսպէս՝

--Թորոսին եւ Մարկոսին եղբայրները  միասին կը խաղան:

Եղբայրները պարտադրաբար յոգնակի կը դրուի անկախ անկէ, թէ իւրաքանչիւրը քանի՛ եղբայր ունի:

--Գլխուդ եւ մօրուքիդ մազերը   միաժամանակ ճերմկեր են:

Բացառուած է ըսել մազը՝ եզակի, նոյնիսկ եթէ թոյլատրելի է անջատաբար ըսել՝ գլխուդ մազը, մօրուքիդ մազը:

--Մեր հաւնոցներուն հաւերը  դադրեցան ածելէ:

  Բայց՝

--Մեր  հաւնոցներուն օրհնութիւնը կորսուեցաւ:

Եւ այս՝  հակառակ անոր, որ  իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական   օրհնութիւնը:

Եզակի է, քանի շատ վերացական է օրհնութիւն   հասկացութիւնը:

--Գիւղին եւ քաղաքին օդը նոյնը չէ:

Այստեղ ալ օդ -ին վերացականութիւնն է  թիւը որոշողը:

                                                        *   *   *  

Բաղդատել հետեւեալները.

--Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին հայրենիքը  զիրենք տուն կը կանչէ:

--Հայուն ու վրացիին հայրենիքները  հաւասարապէս վտանգուած են:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com