image

Հայուհի Էլէանորան հաւանական է որ դառնայ բրիտանական թագաւորական անդամ

Հայուհի Էլէանորան հաւանական է որ դառնայ բրիտանական թագաւորական անդամ

Էլիզապէթ Բ. թագուհիի քրոջ թոռը՝ Սամուէլ Չաթթօ եւ իր հայ դասընկերուհին՝ Էլէանորա Էքսէրճեան մեծ հաւանականութեամբ այս տարի, 2025ին պիտի ամուսնանան։ Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Մէյլ» թերթը, գրելով որ աւելի՛ն, յանուն Էլէանորայի, Չարլզ Գ. թագաւորը որոշած է խախտել աւանդութիւնը։

Թագաւորը արտօնեց որ իր երիտասարդ ազգականը՝ Մեծն Բրիտանիոյ «ամենացանկալի» ամուրին Ս. Ծննդեան տօները անցընէ իր սիրելիի հետ, Նորֆոլկի Սանտրինկհըմ կալուածին մէջ, ուր հաւաքուած էր թագաւորական ամբողջ ընտանիքը։

Տարիներ առաջ, Էլիզապէթ Բ. թագուհին եւս «խախտած էր» աւանդութիւնը, արտօնելով որ Մէկըն Մարքըլ 2017ին միանար ընտանեկան ամանորեան տօնակատարութիւններուն՝ ամուսնութենէն հինգ ամիս առաջ։

Մէկըն առաջին անձն էր, որուն արտօնուեցաւ Ս. Ծնունդը անցընել Սանտրինկհըմի մէջ, թագաւորական ընտանիքէն անդամի մը հետ ամուսնութենէն առաջ։

Քէյթ Միտըլթըն օրինակ սպասած էր մինչեւ Քէմպրիճի դքսուհի դառնալը, իսկ Սոֆի Ռիս-Ճոնս՝ մինչեւ Էտուըրտ արքայազունի հետ ամուսնութիւնն ու Ուէսէքսի կոմսուհի տիտղոսը ստանալը։

 

Լուրը՝ «Նոր Մարմարա»էն