image
Հրատապ լուրեր:

Բարերար Գրիգոր Սիւլահեանի կորուստը

 Բարերար Գրիգոր Սիւլահեանի կորուստը

 Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքը կը սգայ կորուստը թեմի լայն շրջանակներուն մէջ հանրայայտ անուն հանդիսացող բարերար Գրիգոր Սիւլահեանի մահը։

Ասոր մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած տխրունին։

Ա.Մ.Նահանգերու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն մահը Թեմիս երկար տարիներու Ազգային բարերար Գրիգոր Սիւլահեանի, որ պատահեցաւ Կիրակի, 30 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն: 

Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւն ունի մեր Թեմէն ներս: Եղած է Օրէնճ Քաունթիի եւ Մոնթեպելլոյի մեր  գաղութներու կարկառուն անդամներէն եւ մնայուն բարերարներէն. ինչպէս Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած պարտիզակ-հանգստավայրին եւ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին, մնալով յարատեւ զօրակիցներէն Ազգ. Առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներուն:

Հանգուցեալը իր հաւատացեալ եւ ազգանուէր նկարագիրին եւ կատարած բարերարութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 9  Հոկտեմբեր 2011-ին:

Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, Խառն ժողովն ու ժողովականութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Գոհարին, զաւակներուն՝ Տիգրանին եւ Նէնսիին, անոնց ընտանիքներուն, թոռներուն ու ծոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն: