image

Ընկերային ցանցերու մէջ կառուցուած անձնաւորութիւններ (Ա)

Ընկերային ցանցերու մէջ կառուցուած անձնաւորութիւններ (Ա)

Ներկայ դարաշրջանին ընկերային ցանցերը հաղորդակցման միջոց մը ըլլալէ անդին, եղած են նաեւ ցուցադրական հարթակներ, ուր մարդիկ կը կառուցեն, կը վերասահմանեն եւ կը ներկայացնեն իրենց ինքնութիւնը արտաքին աշխարհին։ Այդտեղ կացուցուած անձնաւորութիւնները դիմակներ են, որոնք մարդիկ կը դնեն հասարակութեան կողմէ ընդունուելու եւ հաւանութեան արժանանալու համար։ Բայց եւ այնպէս, այդ դիմակները յաճախ չեն համապատասխաներ իրենց իրական երեսին։ Իսկ ընկերային ցանցերը կ՚առաջարկեն գրեթէ անսահման դաշտ մը՝ այդ դիմակներու ամրապնդման եւ անընդհատ թարմացման։

Այնուամենայնիւ, իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն ունի էութիւն մը, որ թաքնուած է «լայք»երու, արձագանգներու եւ փոխազդեցութիւններու ստուերին։ Այս առումով ընկերային ցանցերու հաշիւները իրականութեան մէջ կարելի է կարդալ որպէս յուշում, որոնք կը բացայայտեն ո՛չ միայն ինքնութիւնը, այլեւ՝ անձի պաշտպանութեան համակարգը։

Հասարակութեան միայն փոքր մէկ մասը հասած է հասունութեան մակարդակի՝ մտածելով ընկերային ցանցերու ազդեցութեան մասին եւ հետեւելով այդ յուշումներուն։ Անոնք այս ընթացքը կ՚ընկալեն որպէս իրենց ներքին ճամբորդութեան մաս մը եւ այսպէսով հնարաւորութիւն կու տան իրենց ինքնութեան ընկալման մէջ դրական փոփոխութեան։ Բայց սա է դժուար ճանապարհը։ Մարդոց մեծամասնութիւնը չ՚ընտրեր այս դժուար ճանապարհը. ընդհակառակը, անոնք կը գերադասեն յայտնուիլ ժամանակաւոր բաւարարուածութեան անվերջանալի շրջանի մէջ՝ մակերեսային կերպարի փնտռտուքով։

Գրեթէ բոլորս ընկերային ցանցերու մէջ գոյութիւն ունինք դիմակով մը։ Իւրաքանչիւր դիմակ ունի իր նպատակը։ Ոմանք կ՚ուզեն կատարեալ տեսք ունենալ, ոմանք կ՚ուզեն հասկցուիլ։ Որոշ մարդոց դիմակները իսկապէս նման են իրարու։ Ոմանց համար սա բոլորովին այլ կերպար մըն է՝ երազային կամ մոլորութիւն։ Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր հաշիւ իրականութեան մէջ կը ցոլացնէ պատմութիւն մը։ Բայց այս պատմութիւնները յաճախ թաքնուած են մակերեսի մը ետին։

 

ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԵԱՆ ԹԱԳՈՒՀԻ/ԹԱԳԱՒՈՐ

Ընկերային ցանցերու հաշիւներուն մէջ կան յօրինուած անձնաւորութիւններ, որոնք կ՚ապրին կատարեալ կեանքով, կը վերահսկեն ամէն ինչ։ Անոնք հիմնականին մէջ կը բաժնեն իրենց «առողջ» թուացող ապրելակերպի եւ կեանքի մասին դաստիարակութեան բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններ։ Անոնց էջը լի է սնունդի, արձակուրդներու լուսանկարներով եւ նորաձեւ հանդերձանքներով: Անոնց բաժնածները բաւական կանոնաւոր են. լոյսը ճիշդ անկիւնին է եւ ժպիտները կատարեալ են: Բայց կատարելութեան այս պատրանքի տակ, որ ոգեշնչող կը թուի, շատ աւելին է՝ քան պարզապէս ցուցամոլութեան եւ այս բովանդակութիւնը իրականութեան մէջ կ՚օգտագործուի զրկանքները եւ յոգնածութիւնը թաքցնելու համար:

Այն, ինչ որ կը փորձեն թաքցնել այս տեսակի հաշիւները, ընդհանուր առմամբ, «Ես կը վախնամ սխալելէ, որովհետեւ այդ ժամանակ սիրելի չեմ ըլլար» հաղորդագրութիւնն է: Այսինքն՝ այն անհատականութիւնները, որոնք կը թաքցնեն եւ կը ճնշեն իրենց իսկական երեսակները, լեցուած են անբաւարարութեան զգացումով։ Կատարելութեան կատարման տակ թաքնուած է ինքն իրեն ապացուցելու ջանքերը եւ արտաքին աշխարհի հաւանութեան կարիքը: Կատարելութիւնը էապէս յաջողութեան բանալին չէ, ընդհակառակը, ձախողումէն պաշտպանող մեքանիզմ մըն է: Այս մարդիկ այնքան կը վախնան ցոյց տալ իրենց թերութիւններն ու փխրունութիւնը, որ երբեք չեն կրնար իջեցնել կատարելութեան վահանը եւ ցոյց տալ իրենց իսկական ինքնութիւնը:

Անոնց համար յաջողութեան մը հասնիլը երբեք բաւարար չէ, քանի որ կատարելութեան որոնումը որոշիչ դեր ստանձնած է անոնց ինքնարժէքի ընկալման կառուցման մէջ՝ ընկերային ցանցերու միջոցով զարգացած հաւանութեան եւ հիացմունքի կախուածութեան պատճառով։ Եւ այդ հաշիւներու սեփականատէրերը պարտաւորուած կը զգան անընդհատ աւելի կատարեալ բովանդակութիւն արտադրել։ Արտաքին աշխարհի կողմէ հաստատման անհրաժեշտութեան աճը միայն կը թուլացնէ իմաստի ներքին որոնումը։

 

«ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՍ ԳԻՏԵՄ» ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կան մարդիկ, որոնք իրենց գիտելիքի հանդէպ վստահութեամբ կը ներկայանան որպէս հեղինակութիւն։ Անոնք ամէն ինչի վերաբերեալ ունին կարծիքներ եւ անընդհատ կը ստեղծեն «ես ըսած էի» մթնոլորտը։ Անոնք կրնան լուսանկար տեղադրել ընկերային ցանցերու մէջ՝ գիրքերու կոյտերու առջեւ եւ սովորաբար կ՚ուզեն վերջին խօսքը ըսել քննարկումներու մէջ։ Այնուամենայնիւ, անոնց բոլոր բառերու եւ գրառումներու ետին թաքնուած են կատարեալ գիտելիքի չտիրանալու վախը։ Ժամանակ առ ժամանակ անոնք կրնան նոյնիսկ նախընտրել խօսիլ իրենց այդ պահուն ստացած կամ ամբողջովին շինծու տեղեկութիւններով, այլ ոչ թէ լռել նիւթի մը շուրջ, որու մասին չեն գիտեր, քանի որ անոնց համար «տգէտ երեւալը» մղձաւանջ է։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս

•շարունակելի…