image

Ընդդիմութիւնը երթ պիտի կատարէ դէպի Եւրոպական Միութեան գրասենեակ

Ընդդիմութիւնը երթ պիտի կատարէ  դէպի Եւրոպական Միութեան գրասենեակ

«Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները այսօր` 10:00-ին պիտի հաւաքուին Ֆրանսայի հրապարակ, ուրկէ երթով պիտի երթան Եւրոմիութեան գրասենեակին մօտ` փաստերով ներկայացնելու այն բոլոր բռնութիւնները, որոնք այս օրերուն տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ: Այս մասին երէկ Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքին յայտարարեց ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Պահանջելու ենք դրան համապատասխան գնահատական տալ: Այս երկակի չափանիշներով, իրենց լռութիւնով նպաստում են, որպէսզի Նիկոլը երկրում հաստատի բռնապետութիւն, որը թոյլ չենք տալու», նշեց ան:

Սաղաթէլեան ըսաւ, որ պիտի պահանջեն հանդիպումներ ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր դեսպաններու հետ, որպէսզի ներկայացնեն ստեղծուած իրավիճակը:

Ան նշեց, որ այսօր տեղի պիտի ունենան մի քանի գործողութիւններ, հանրահաւաք պիտի չըլլայ, Ֆրանսայի հրապարակին մէջ պիտի ըլլան մշակութային ծրագրեր: