image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութեան առաջարկով կը ստեղծուի «Արցախի մշտական յանձնաժողով»

Ընդդիմութեան առաջարկով կը ստեղծուի «Արցախի մշտական յանձնաժողով»
ՀՀ ազգային ժողովի ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները կ'առաջարկեն խորհրդարանի մէջ ստեղծել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու որոշման նախագիծը ներկայացուցած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեանը:
 
««Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնն առաջարկել է որոշման նախագիծ, որին միացել են մեր գործընկերները՝ «Հայաստան» խմբակցութիւնից, որով առաջարկում ենք ստեղծել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից Արցախին տրամադրուող աջակցութիւն՝ թէ ֆինանսական, քաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական, հումանիտար, սոցիալական եւ այլ բնոյթի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթաց, Արցախի հետ ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, ֆինանսական, տնտեսական կապեր, տարածաշրջանային անվտանգութիւն, Արցախի ԱԺ-ի հետ համագործակցութիւն, միջխորհրդարանական կապեր, խորհրդարանական բարեկամական խմբեր եւ այլ ոլորտները կարգաւորող օրէնքները համակարգելու եւ աշխատանքի կազմակերպման համար»,-ըսած է Մամիջանեանը:
 
Խօսելով յանձնաժողովի ստեղծման հիմնաւորուման մասին՝ Մամիջանեանը նշած է, որ 2020 թուականին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները կրեցին ծանր, մարդկային, բարոյական եւ նիւթական վնասներ, որոնց հետեւանքով երկու հայկական պետութիւնները յայտնուած են խոր ճգնաժամի մէջ, որու յաղթահարումն ունի բացառիկ կենսական նշանակութիւն: Ան շեշտած է՝ անհրաժեշտ է, որ պատշաճ միջազգային գնահատական տրուի ատրպեճանա-թրքական յարձակման:
 
Յանձնաժողովի տիրոյթին մէջ պիտի գտնուի նաեւ ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ Արցախի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումներու իրականացման միջազգային չափանիշերու եւ փորձի կիրառման ուսումնասիրութիւնը:
 
«Աշխարհն ունի կարիք՝ լսելու այն մեսիճը, որ մեր երկրի ԱԺ-ում ստեղծուում  է Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով»,-ըսած է ան: