Յայտնի են Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու անունները:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը, երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածները ամուսիններ են՝ Սամի Թապաշը եւ Աիտա Թապաշը:
Գոչունեան նաեւ յայտնած է, որ անոնց զաւակները ծանր վիրաւոր են:
Թուրքիոյ մէջ աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 912-ի, վիրաւորներու թիւը գերազանցած է 5000-ը: