image

Յայտնի են Մալաթիոյ հայ զոհերուն անունները

Յայտնի են  Մալաթիոյ հայ զոհերուն անունները

Յայտնի են Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու անունները:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին յայտնած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը, երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածները ամուսիններ են՝ Սամի Թապաշը եւ Աիտա Թապաշը:

Գոչունեան նաեւ յայտնած է, որ անոնց զաւակները ծանր վիրաւոր են:

Թուրքիոյ մէջ աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 912-ի, վիրաւորներու թիւը գերազանցած է 5000-ը: