Թէ հայ–ատրպէյճանական սահմանի որ հատուածին մէջ պիտի ըլլայ սահմանազատման յաջորդ գործընթացը, դեռ յայտնի չէ։ Այս մասին այսօր յայտարարեց ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստին։
Նշենք, որ յանձնաժողովին մէջ կը քննարկուէր «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգը վաւերացնելու մասին հարցը։
«Յաջորդ հատուածի վերաբերեալ անգամ քննարկումներ չեն եղել, որեւէ սկզբունք չի ամրագրուել։ Մի սահմանում կայ, որը ես համարում եմ ռէալ պայմանաւորուածութիւն`դա պէտք է որոշուի կոնսենսուսով։ Կողմերից մէկը չի գալու, ասի` եկէք շարունակենք այս հատուածում»,–ըսած է Գրիգորեանը։
Ան աւելցուցած է, որ Տաւուշի մարզի հատուածը եղած է ամենաբարդը, եւ ամենաբարդ հատուածէն սկսիլը նոյնպէս համաձայնութեան արդիւնք եղած է։
«Բերքաբերի մի հատուածի դելիմիտացիան աւարտուած է, բայց լճից այն կողմ ու էլի լիքը հատուածներ կան, որ չենք աւարտել։ Աւարտել ենք ընդամէնը 12.7 կիլոմետրը»,– աւելցուցած է ՀՀ փոխվարչապետը։