image
Հրատապ լուրեր:

Յատուկ գործողութեան ընթացքին զոհուած է 2870 ուքրանացի եւ 498 ռուսազգի զինուոր

Յատուկ գործողութեան  ընթացքին զոհուած է 2870 ուքրանացի եւ 498 ռուսազգի  զինուոր

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջին անգամ պաշտօնապէս թիւեր հրապարակեց Ուքրանիոյ մարտական գործողութիւններուն մէջ իր սեփական կորուստներուն մասին:

ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է 498 ռուսաստանցի զինուոր, 1597-ը վիրաւորուած են:

Պատերազմի եօթը օրերու ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է  2870 ուքրանացի, այս մասին կ'ըսուի Ուքրանիոյ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: