image

Յարձակումները Խրիմի եւ Քերչի կամուրջի վրայ պիտի շարունակուին. Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար

Յարձակումները Խրիմի եւ Քերչի կամուրջի վրայ պիտի շարունակուին. Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքովը յայտարարած է, որ «Ուքրանիան պիտի շարունակէ յարձակումները Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած Խրիմի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Խրիմի հետ կապող Քերչի կամուրջի վրայ»: Ան այս մասին ըսած է CNN-ին տուած հարցազրոյցին:

Միաժամանակ ան խոստովանած է, որ Ուքրանիոյ հակայարձակումը դանդաղ կ'ընթանայ եւ ետ կը մնայ ժամանակացոյցէն։

Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ Ռուսիան օրերս հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ հարաւային Օտեսա քաղաքին եւ յարակից շրջաններուն, իսկ Ուքրանիան կը շարունակէ հարուածներ հասցնել Խրիմի ուղղութեամբ: Երեքշաբթի ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են Խրիմի մէջ զինամթերքի պահեստը, Քերչի կամուրջը։