Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի օրինագիծ ներկայացուցած է Գերագոյն Ռատա, որով առաջարկուած է մայիս 9-ը սահմանել որպէս Եւրոպայի օր։ Զելենսքիի համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է անոր կայքին։
Ան յայտարարած է, որ այսօր, «ինչպէս 80 տարի առաջ, Ուքրանիան կը պայքարի ընդհանուր չարին դէմ յանուն ապագայի՝ թէ՛ իր եւ թէ՛ ամբողջ Եւրոպայի»։
«Մայիսի 9-ն ամբողջ ազատ Եւրոպայի հետ մենք կը նշենք, որպէս Եւրոպայի օր Ուքրանիոյ մէջ։ Միացեալ Եւրոպայի, որ պէտք է եւ հիմնուած ըլլայ խաղաղութեան վրայ։ Մեր Եւրոպան, որու մէկ մասը Ուքրանիան եղած է միշտ, կայ եւ պիտի ըլլայ»,- ընդգծած է Զելենսքին։
2015 թուականէն ի վեր՝ մայիս 8-ին, Ուքրանիան կը նշէ Յիշատակի եւ հաշտեցման օրը՝ որպէս Յաղթանակի օրուան այլընտրանք։
Ուքրանիայէն յետոյ նախկին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) երկիրներու իշխանութիւնները փոխեցին իրենց վերաբերմունքը Յաղթանակի օրուան եւ անոր խորհրդանիշներու նկատմամբ։ Այսպիսով, Մոլտովայի, Լաթվիոյ
Լիթուանիոյ եւ Վրաստանի մէջ կէորկիեւեան ժապաւէնն օրէնքով արգիլուած է։ 2017-էն ի վեր մայիս 9-ը Մոլտովայի մէջ կը նշուի, որպէս Եւրոպայի օր։ Վրաստանի մէջ Եւրոպայի օրը կը նշուի մայիս 6-ին։
Նշենք, որ տասնամեակներ ի վեր ԽՍՀՄ-ի մէջ մայիս 9-ը նշուած է որպէս նազիստական Գերմանիոյ նկատմամբ յաղթանակի օր: