Երէկ, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ընտրողները խորհրդարանի 150 պատգամաւոր ընտրեցին:
Ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում», «Փոփոխութիւններու դաշինք» կուսակցութիւնները յայտարարած են, որ չեն ճանչնար Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Անոնք յայտարարած են, որ պիտի անցնին փողոցային պայքարի:
Նշենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախնական տուեալներով՝ առաջատար է իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը։