Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները պիտի հաստատեն Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան նոր առաքելութեան ստեղծումը՝ խառնածին (հիպրիթ) սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու նպատակով։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասը։
«Մենք նաեւ համաձայնութեան պիտի յանգինք Հայաստանի համար նոր գործընկերային առաքելութեան շուրջ՝ «հիպրիթ» սպառնալիքներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան տեղեկատուական շահարկումներուն եւ միջամտութեան դէմ պայքարելու համար, որոնց անոնք իրականութեան մէջ կը բախին»,– ըսած է Քայա Քալասը՝ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին։