Նոյեմբեր 22-ին Վրաստանի Քվէմօ Քարթլի մարզ կատարած այցի շրջածիրէն ներս Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է Մառնէուլիի շրջանի հայաբնակ Շահումեան, Խոժոռնի, Աղքերփի գիւղերը, ուր հանդիպումներ ունեցած է տեղի եւ յարակից գիւղերու հայ բնակչութեան հետ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։
Այցի ընթացքին ՀՀ դեսպանին ուղեկցած է Քվէմօ Քարթլիի մէջ Վրաստանի կառավարութեան ներկայացուցչի տեղակալ Քախա Քոպերիձէն։
Դեսպանութեան պատուիրակութիւնը այցելած է գիւղերու հայկական դպրոցներ, ծանօթացած է գիւղերու մէջ իրականացուող ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ լսած է բնակիչներու կողմէ բարձրացուած հիմնական կրթական ոլորտին վերաբերող բազմաթիւ հարցերը։
Շահումեան գիւղին մէջ ՀՀ դեսպանը այցելած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Սմբատեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մառնէուլիի Սակրեպուլոյի հայազգի պատգամաւորներու ուղեկցութեամբ այցելած է նաեւ յայտնի տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանին։
![]()

