Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Մարիանա Քույունտժիչը հրաւիրուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Դեսպանին ներկայացուած է բողոքի գիր՝ ապրիլ 30-ին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած հակաատրպէյճանական բանաձեւի կապակցութեամբ։
Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտած էր Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու, պահուող անձանց եւ պատանդներու «անարդար կալանքը», պահանջած անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։ Խորհրդարանը նաեւ վերահաստատած էր իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին՝ ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։
ԱԳՆ-ն նշած է, որ «բանաձեւի դրոյթները կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը, կը հակասեն առարկայականութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման պարտաւորութիւններուն»։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի նման մօտեցումը բացասաբար կ՚ազդէ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններու հեռանկարներու վրայ։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն անհիմն համարած է նաեւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ պնդումները, եւ նշած է, որ «Ատրպէյճանի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան լայնածաւալ աւերման եւ պղծման փաստերը բռնատիրութեան տարիներուն պատշաճ գնահատականի չեն արժանացած եւրոպական կառոյցներու կողմէ»։
ԱԳՆ-ի մէջ կը համարեն, որ բանաձեւին մէջ առկայ պնդումները՝ կապուած Ղարաբաղի հայերու վերադարձի հետ, ամբողջութեամբ անհիմն են, իսկ նման կոչերը կը գնահատուին որպէս Ատրպէյճանի ներքին գործերու միջամտութիւն։
«ԵՄ դեսպանին փոխանցուած է, որ, հակառակ 2023-ին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համապատասխան ներկայացուած վերահամարկման ծրագրին, հայ բնակիչները լքած են տարածաշրջանը կամաւոր հիմունքներով։ Ատոր հակառակ պնդումները կեղծ են»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ «ռազմագերիներ ներկայացուող հայազգի անձանց ազատ արձակման կոչերը իրաւական տեսանկիւնէ անընդունելի են»։
Դեսպանին նաեւ «յիշեցուցած են, որ ատրպէյճանական կողմը, առաջնորդուելով մարդասիրական սկզբունքներով, ազատ արձակած է բազմաթիւ կալանաւորուած անձինք եւ ձեռնարկած է վստահութեան ամրապնդման քայլեր։ Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ դատապարտուած անձինք կը մեղադրուին ծանր յանցագործութիւններու մէջ, այդ շարքին՝ ահաբեկչութեան եւ ռազմական յանցագործութիւններու»։
Հանդիպման ընթացքին եւրոպական կողմին կոչ եղած է ձեռնպահ մնալու նման քայլերէ, որոնք վնաս կը հասցնեն Ատրպէյճան-ԵՄ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կարգաւորման գործընթացին։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընդունուած է Հայաստանի վերաբերեալ բանաձեւ, որ կը դատապարտէ հայ գերիներու պահումն Ատրպէյճանի մէջ եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ ազատ արձակում։