image

Ուզպեքիստանի ուժեր վար առած են Աֆղանեան ինքնաթիռ մը

Ուզպեքիստանի ուժեր վար առած են Աֆղանեան ինքնաթիռ մը
Ուզպեքիստանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը Աֆղանիստանի ռազմաօդային ուժերու ինքնաթիռ կործանած է՝ սահմանը խախտելու փորձ կատարելու ժամանակ, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ վկայակոչելով Ուզպեքիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան:
 
«15 Օգոստոսին Սուրխանտարիայի մարզի Շերապատ շրջանին մէջ Ուզպեքիստանի ռազմաօդային ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ճնշած են Ուզպեքիստանի օդային սահմանը անօրինական կերպով հատելու փորձը աֆղանական ռազմական ինքնաթիռի կողմէ»,- ըսած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը:
 
Ինչպէս նշած են ՊՆ-էն, նախնական տուեալներով, զոհեր չկան: Միաժամանակ «Gazeta.uz»-ը նշած է, որ երկու աֆղան զինծառայող տեղափոխուած են Շտապ բժշկական օգնութեան հանրապետական ​​գիտական ​​կեդրոնի Թերմեզի մասնաճիւղ: