Ուրֆայի մէջ եղող հայկական որբանոց մը (1919-1921) 1960 թուականին իսլամ կրօնական վարժարանի մը վերածուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Թուրնէսոլ» կայքը, որ նաեւ կը գրէ, թէ կրօնական վարժարանը կրած է Նուսրէթ (1915-եան օրերու Ուրֆայի կառավարիչ) անունը, որ հայերու Ցեղասպանութեան մասնակից ըլլալով, աւելի ուշ դատուած եւ մահուան դատապարտուած է: Աղբիւրը այս տեղեկութիւնը ստացած է անունը տալ չուզող եւ ներկայիս թրքացած հայէ մը նշելով նաեւ, որ կրօնական դպրոցը կրած է Նուսրէթ Իմամ Հաթիբ Օգուլու անունը, որ իբրեւ շէհիթ (նահատակ) ճանչցուած կրօնաւոր մըն է: Ըստ թրքական աղբիւրին, այդ շրջանին որբանոցին մէջ գլխաւոր հիւանդապահի պաշտօն վարած Մերի Գարոլին Հոլմս, իր յուշերուն մէջ եւս գրած է այս մասին, յիշատակելով նաեւ, որ որբանոցին մէջ գտնուած եղած են առաւելագոյնը 12 տարեկան որբուհիներ, որոնք բռնի կերպով իբրեւ կին ծառայած են օսմանցի սպաներուն: Ներկայիս Ուրֆայի մէջ գտնուող կրօնական դպրոցի պատասխանատուները նոյնպէս խոստովանած են, որ հայկական որբանոցը բռնի կերպով գորգի գործարան մը ըլլալէ յետոյ իսլամական դպրոցի վերածուած է: