image

ՈւրՖայի Մէջ Գտնուող Հայկական Որբանոցը Իսլամական Վարժարանի Վերածուած Է

ՈւրՖայի  Մէջ Գտնուող Հայկական  Որբանոցը      Իսլամական  Վարժարանի  Վերածուած  Է

Ուրֆայի մէջ  եղող    հայկական որբանոց մը  (1919-1921) 1960 թուականին իսլամ կրօնական վարժարանի մը վերածուած է: Այս  մասին տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ  «Թուրնէսոլ»  կայքը, որ  նաեւ կը գրէ, թէ   կրօնական  վարժարանը  կրած է Նուսրէթ (1915-եան օրերու  Ուրֆայի կառավարիչ) անունը, որ           հայերու Ցեղասպանութեան մասնակից ըլլալով,  աւելի ուշ     դատուած եւ մահուան դատապարտուած է:  Աղբիւրը   այս տեղեկութիւնը ստացած է     անունը տալ  չուզող եւ ներկայիս թրքացած  հայէ մը  նշելով նաեւ, որ    կրօնական դպրոցը կրած է Նուսրէթ Իմամ  Հաթիբ Օգուլու անունը, որ իբրեւ  շէհիթ (նահատակ)  ճանչցուած  կրօնաւոր մըն է:   Ըստ թրքական  աղբիւրին,  այդ շրջանին որբանոցին մէջ գլխաւոր հիւանդապահի  պաշտօն վարած   Մերի  Գարոլին Հոլմս, իր   յուշերուն մէջ  եւս  գրած է  այս մասին,  յիշատակելով նաեւ, որ որբանոցին  մէջ  գտնուած եղած են   առաւելագոյնը   12 տարեկան   որբուհիներ, որոնք բռնի կերպով իբրեւ կին ծառայած են  օսմանցի    սպաներուն: Ներկայիս  Ուրֆայի մէջ գտնուող  կրօնական դպրոցի  պատասխանատուները  նոյնպէս  խոստովանած են, որ  հայկական որբանոցը  բռնի կերպով գորգի գործարան մը ըլլալէ յետոյ իսլամական դպրոցի վերածուած է: