ԱՄՆ իշխանութիւնները յոյս ունին, որ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած շատ պատժամիջոցներ կը չեղարկուեն, երբ դադրեցուի Ուքրանիոյ դէմ յատուկ գործողութիւնը եւ վերականգնուի երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Այս մասին յայտնած է է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:
«Այդ պատժամիջոցները յաւէրժ ըլլալու համար չեն», նշել է ան` պատասխանելով անոնց չեղարկման մասին հարցին:
«Անոնք գործիքներ են, եւ եթէ մենք տեսնենք այն արդիւնքները, որոնց կը փափաքինք հասնիլ` ռուսական յարձակման դադրեցման, Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութեան վերականգնումը, շատ գործիքներ, որոնք մենք այժմ կը կիրառենք, պիտի դադրին օգտագործուել», ընդգծած է պաշտօնեան: